image

Հալէպ դարձեալ կրակի տակ. Չպայթող հրթիռներ «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ մօտ (Թարմացուած- Լուսանկարներ)

Հալէպ դարձեալ կրակի տակ.  Չպայթող հրթիռներ «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ մօտ (Թարմացուած- Լուսանկարներ)

Հրթիռներ ինկած են Հալէպի հայկական թաղամասերուն վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ մասնաւորապէս «Հաուըն» տիպի հրթիռներ ինկած են հայկական Սըլայմանիյէ եւ Նոր Գիւղ թաղամասերուն վրայ: Հրթիռարձկումներու ենթարկուած է նաեւ Հայ Կաթողիկէ «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ շրջանը, ուր նախնական տուեալներով ինկած են երկու հրթիռներ, որոնք բարեբախտաբար չեն պայթած: Միւս շրջաններուն մէջ կան նիւթական մեծ վնասներ եւ Նոր Գիւղի մզկիթի շրջանին մօտ եւս հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած է մէկ քաղաքացի եւ կան չորս վիրաւորներ: Մինչեւ այս լուրին հրապարակումը Հալէպի ծայրամասային բոլոր հատուածներուն մէջ թէժ մարտերը կը շարունակուին:  

 

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ բանակը յաջողած էր կարեւոր յառաջխաղացք գրանցել եւ «երկուքի կիսել» ռազմագիտական մեծ նշանակութիւն ունեցող «Մասաքէն հանանոն» շրջանը: Կը սպասուի նաեւ, որ այդ շրջանին մէջ ծանր մարտեր մղող Սուրիոյ բանակը յառաջիկայ օրերուն եւս կարեւոր յառաջացում գրանցէ՝  աւելի լայնցնելով Հալէպի անզէն բնակչութեան շրջաններուն շուրջ եղած «ապահովական գօտի»ն: